Ի գիտութիւն Գարէայի եւ շրջակայքի մեր հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակներուն կը հաղորդենք թէ, Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան տօնին առիթով, Շաբաթ, 18 Ապրիլ 2026-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Գարէայի ազգապատկան սրահին մէջ զետեղուած՝ «Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ» օծուած Խորանի Սեղանին, Ս. եւ Անմահ Պատարագ պիտի մատուցուի։
Արարողութեան պիտի հանդիսապետէ եւ պատգամէ, Յունաստանի
Հայոց թեմի Առաջնորդ ԳԵՐՇ. Տ. ՍԱՀԱԿ Ս. ԵՊՍ. ԵՄԻՇԵԱՆ
Պիտի պատարագէ շրջանիս հոգեւոր հովիւ՝ արժ. Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեան:
Պիտի յաջորդէ հիւրասիրութիւն:
Այսու կը հրաւիրուի շրջանի հաւատացեալ ժողովուրդը մասնակցելու յիշեալ հոգեպարար արարողութեան եւ լսելու Սրբազան հօր պատգամը։
Թաղային Խորհուրդ