• English
  • Ελληνικά

armenianprelacy.gr

PRELACY OF THE ARMENIAN APOSTOLIC CHURCH OF GREECE

ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 20-ԱՄԵԱԿ ՅՈՒՆԱՀԱՅՈՑ ԹԵՄԱԿԱԼ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ

Յունահայոց Ազգային վարչութիւնը, յանուն թեմական կառոյցին եւ խորհուրդներուն, անհուն ուրախութեամբ այսու կու գայ սրտանց շնորհաւորելու Յունաստանի Հայոց թեմակալ Առաջնորդ ԳԵՐՇ. Տ. ՍԱՀԱԿ Ս. ԵՊՍ. ԵՄԻՇԵԱՆԻ քահանայական ձեռնադրութեան եւ հոգեւոր ծառայութեան 20-ամեակը։

Սրբազան հօր հոգեւոր կոչման քսանամեայ ճանապարհը եղած է ծառայական արգասաբեր շրջան մը, իսկ մեր թեմէն ներս հոգեւոր առաջնորդութիւնը եւ ազգանուէր ծառայութիւնը արժանաւորապէս կը յատկանշեն Սրբազան հօր անխոնջ նուիրումի ուղին Յունաստանի հայ համայնքին համար։

Ի սրտէ կը մաղթենք, որ Ամենակալ Աստուած Առաջնորդ Սրբազանը հայրը օժտէ քաջառողջութեամբ եւ անսպառ կորովով, ի խնդիր բազմամեայ արդիւնաւէտ ու օրհնաբեր ծառայութեան Յունաստանի Հայոց թեմէն ներս։

ՅՈՒՆԱՀԱՅՈՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ