Ուրբաթ 13 Փետրուար 2026-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Տեառն մերոյ Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման տօնին՝ Տեառնընդառաջի նախատօնակի արարողութիւնը։ Ժամերգութեան նախագահեց Յունաստանի Հայոց թեմի Առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ եպս. Եմիշեան։ Ներկայ էին հայկական վարժարանի ուսուցչուհիներ, աշակերտներ եւ հաւատացեալ ժողովուրդը։ Ժամերգութեան ընթացքին կատարուեցաւ անդաստանը, որմէ ետք Առաջնորդ Սրբազան հայրը հանդէս եկաւ քարոզով։
Սրբազան հայրը յայտնեց, թէ Սիմէոն ծերունի քահանայ մըն էր Երուսաղէմի մէջ եւ Աստուծոյ կողմէ խոստացուած էր իրեն տեսնել Փրկիչ Յիսուսը։ Միւս կողմէ, Յիսուսի ծնողքը՝ Յովսէփ եւ Մարիամ, կատարելով Աստուածային պատուիրանները, իրենց անդրանիկ արու զաւակը Աստուծոյ նուիրեցին։ Սրբազան հայրը յատուկ կերպով գնահատեց ներկայ ծնողները, որոնք Աստուծոյ պատուէրին ընդառաջելով, իրենց զաւակները եկեղեցի առաջնորդելու պարտականութիւնը եւս կը կատարեն սիրոյ ու հաւատքի զօրութեամբ։ Աւարտին Սրբազան հայրը գնահատեց ներկաները, որոնք Աստուծոյ տունը գալով եւ արարողութեանց մասնակից դառնալով, լաւագոյն օրինակը կը դառնան եկեղեցիէն հեռու մնացողներուն դիմաց։ Ապա Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեան, Սուրբ խորանին շուրջ դարձուց ծնողներու կողմէ տաճար ընծայուած փոքրիկները։ Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, մեր ժողովուրդի աւանդութեան համաձայն, Առաջնորդ Սրբազան հայրը եկեղեցիէն կրակը առնելով ուղղուեցաւ բակ եւ ժողովուրդի ներկայութեան վառեց խարոյկը։ Փոքրիկները նախ երգեցին հայերէն ազգային երգեր ապա կրակին շուրջ դարձան։ Ներկաներէն շատեր ալ կրակին վրայէն ցատկեցին։ Ետքը եկեղեցւոյ Տիկնանց մարմինը սրահին մէջ կազմակերպեց պատշաճ հիւրասիրութիւն մը։
ԹՂԹԱԿԻՑ
