Ա. ԺՈՂՈՎԻ(325թ.) -1700ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ
Ընդառաջելով Պելոպոնեսի Մեսինիաս նահանգի յունաց Մէտրոպոլիտ եւ Աթէնքի պետական համալսարանի Աստուածաբանական բաժանմունքին դասախօս՝ Գերշ. Տ. Խրիսթոստոմոս Եպս. Սաւաթոսի յատուկ հրաւէրին, յանուն Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Ս. Եպս. Եմիշեանի, Նէոս Գոզմոս(ֆիքս)ի Ս. Յովհ. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Նարեկ Քհնյ. Շահինեան եւ Աստուածաբան Բարշ. Լեւոն Սրկ. Ունանեան, ներկայ եղան եւ իրենց գործնական մասնակցութիւնը բերին, Նոյեմբեր 18-էն20-2025ին, Աթէնքի Պետական Համալսարանի Աստուածաբանական բաժանմունքին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցող, Նիկիոյ Տիեզերական Ա. Ժողովի(325թ.) -1700ամեակին նուիրուած եռօրեայ միջազգային համագումարին:
Համագումարին ներկայ գտնուեցան տասնեակ հոգեւորական թէ աշխարհիկ Աստուածաբաններ, Աստուածաբանութեան համալսարանական դասախօսներ, հետազօտ-գիտաշխատողներ եւ պետական օրէնսդիր նախարարներ, որոնք երեք օրերու ընթացքին իրենց բազմակողմանի ներկայացումներով, վերարժեւորեցին Նիկիոյ Տիեզերական Ա. Ժողովին քսան կանոններուն կարեւորութիւնն ու գործառնութիւնը այսօրուան եկեղեցական կեանքին ու գործունէութեան որպէս խարիսխ եւ պատուանդան փաստը ըլալլուն:
Համագումարին երկրորդ օրուան 4րդ նիստին օրակարգն էր կլոր սեղան՝ «Սինոդականութիւնը(ժողովականութիւնը) Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ ու անոր գործառնութինը այսօր» նիւթով:
(Ἡ συνοδικότητα μεταξὺ Ἀνατολῆς καὶ Δύσης Ἡ λειτουργία τῆς συνοδικότητας σήμερα).
Կլոր Սեղանին համակարգող նախագահն էր՝ Մեսինիասի Մետրոպոլիտ Գերաշնորհ Տ. Խրիսթոստոմոս Եպիսկոպոսը, իսկ մասնակիցներն էին՝ ա. Յունաստանի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ՝ Գերաշնորհ Տ. Իոաննիս Արքեպիսկոպոս Սբիթերիս, Քորֆուի, Զաքինթոսի եւ Քեֆալոնիայի նախկին առաջնորդը, բ. Պրն. Kyle McCracken, Հելլէն Աստուածաշնչեան գոլեճի աստուածաբանութեան եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան փրոֆեսոր, եւ Միջազգային ISP ծրագրի տնօրէնը, գ. Նէոս Գոզմոս(Ֆիքս)ի Հայ Առաքելական Ս. Յովհ. Կարապետ եկեղեցւոյ Սարկաւագ՝ Աստուածաբան Բարշ. Լեւոն Սրկ. Ունանեան, որ յունարէն լեզուով ներկայացուց կլոր սեղանին նիւթը Հայ Եկեղեցւոյ տեսակէտներն ու Աստուածաբանական ըմբռնումները, քաղուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ գրուած Աստուածաբանական գիրքերէն, յօդուածներէն եւ միջազգային դասախօսութիւններէն:
Աւարտին, Տ. Նարեկ քահանայ հայրը յանուն Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաքելական եկեղեցւոյ եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, շնորհակալութիւն յայտնեց Մեսինիասի Մետրոպոլիտ Խրիսթոստոմոս Եպիսկոպոսին եւ համագումարին կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ-անդամուհիներուն, հրաւէրին եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ տեսակետները ներկայացնելու առիթին համար:
Տ. Նարեկ Քհնյ. Շահինեան
18-20 Նոյեմբեր, 2025 – Աթէնք

