Յօդուած հոգեւոր հովիւ Տ. Եղիա վրդ. Մալխասեան
Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հովիւ
Մեր ժողովուրդի պատմութիւնը անջնջելի կերպով դրոշմուած է Աւետարանութեան լոյսով։ Արդէն առաջին դարերէն ի վեր երկու սրբազան Առաքեալներ՝ Թադէոս եւ Պարթողոմէոս, ստանձնեցին աստուածատուր առաքելութիւնը՝ փոխանցելու Քրիստոսի խօսքը Հայաստանի աշխարհի։ Իրենց քարոզը, աղօթքն ու արիւնոտ վկայութիւնը հիմք դրաւ այն հաւատքի սերմին, որ դարերու միջով աճեց ու հասաւ, պարգեւելով Հայաստանին՝ աշխարհի առաջին քրիստոնեական պետութիւն կոչուելու պատիւը։
Այս Սուրբ Առաքեալները ոչ միայն Աւետարանի վրիժառակներ էին, այլ նաեւ՝ մեր ազգի հոգեւոր շինութեան առաջին հիմքը դնողները ։ Սերը, զոհաբերութիւնը ու ներումը փոխանցեցին ոչ թէ խոսքով, այլ իրենց իրական վարքով։ Բռնութեան ու անհաւատութեան դիմաց կանգնեցան Հոգւոյն հանդարտ ուժով եւ Յարութեան անխորտակելի յոյսով։ Իրենց վկայամատուրը կազմեց այն հոգեւոր հիմքը, որով հայ ժողովուրդը՝ հալածանքներու, պատերազմներու եւ աքսորներու ընթացքին, երբեք չուրացաւ Խաչը։
Թադէոսի եւ Պարթողոմէոսի հռչակած հաւատքը պարզապէս նոր կրօն մը չէր, այլ նոր ապրելաձեւ։ Անոնք սորվեցուցին, թէ իսկական ուժը չի գտնուիր սուրին մէջ, այլ խոնարհութեան եւ սիրոյ մէջ, եւ որ իրական ազատութիւնը արտաքին իշխանութիւն չէ, այլ՝ հոգեւոր ազատութիւն՝ մարդուն ազատութիւնը սիրելու եւ ներելու, իր մերձաւորին մէջ եղբայր տեսնելու։ Այս ուսմունքը դարձաւ հայկական ինքնութեան կամուրջը՝ միացնող հաւատք ու հայրենիք, Եկեղեցի եւ ազգ, երկինք եւ երկիր։
Ահա թէ ինչու մեր Եկեղեցին կը կոչենք Առաքելական եւ Ուղղափառ։ Առաքելական՝ որովհետեւ իր հիմքերը դրուեցան անմիջապէս Քրիստոսի առաքեալներուն կողմէ՝ Թադէոսի եւ Պարթողոմէոսի, որոնք բերին Աւետարանը մեր երկրին եւ իրենց արիւնով կնքեցին հաւատքի ճշմարտութիւնը։ Եւ Ուղղափառ՝ որովհետեւ ան պահեց անփոփոխ առաքելական վարդապետութիւնը՝ առանց աղաւաղելու ճշմարտութեան լոյսը դարերու ընթացքին։ Հայ Եկեղեցին եղած է եւ կը մնայ հոգեւոր մաքրութեան լոյսաշող փարոսը, ճշմարիտ հաւատքի պահապան եւ առաքելական աւանդութեան կենդանի վկայութիւն։
Այսօր, աղմուկոտ ու անորոշութեամբ լեցուն աշխարհին մէջ, այս երկու Սուրբ Առաքեալներու վկայութիւնը կը մնայ կենդանի եւ ժամանակակից։ Անոնք կը կանչեն մեզ՝ մնալու կանգուն, պահպանելու հաւատքի ջահը վառ եւ փոխանցելու յաջորդ սերունդներուն այն ժառանգութիւնը, որ ստացանք։ Ամէն հայ՝ ուր որ գտնուի, այս աստուածատուր առաքելութեան փոքրիկ կրող մըն է՝ օղակ մը այն շղթային մէջ, որ սկիզբ առած է Առաքեալներէն եւ կը հասնի մինչեւ մեր օրերը։
Մեր նախահայրերու հաւատքը ցոյց տայ մեզի ճամբան՝ չհուսահատուիլ, չմոռնալ թէ ո՛վ ենք եւ ուրկէ կու գանք։ Սուրբ Թադէոսն ու Պարթողոմէոսը կը սորվեցնեն մեզի, թէ կեանքը՝ առանց հաւատքի դատարկ է, իսկ ազգը՝ առանց հոգեւոր արմատի անպտուղ ծառի նման։ Անոնք կը հրաւիրեն մեզ՝ զորացնելու միութիւնը, բարութիւնն ու արդարութիւնը, եւ սէրը մեր հասարակական կեանքին մէջ՝ արժէքներ, որոնք կը կազմեն առաքելական աւանդութեան կենդանի սիրտը։
Եկէ՛ք ներշնչուինք անոնց օրինակէն։ Թող մեր հաւատքը գործ դառնայ, մեր աղօթքը՝ աշխատանք։ Թող վերանորոգենք մեր նուիրումը՝ Աստուծոյ եւ հայրենիքին, որպէսզի Հայաստանը փայլէ լոյսի նման՝ ժողովուրդներու մէջ, ինչպէս որ եղած է եւ ինչպէս որ նախախնամութիւնը սահմանած է։
Սուրբ Թադէոսի եւ Պարթողոմէոսի բարեխօսութեամբ՝ մնանք լոյսի, Խաչի եւ Յարութեան ժողովուրդ։