• English
  • Ελληνικά

armenianprelacy.gr

PRELACY OF THE ARMENIAN APOSTOLIC CHURCH OF GREECE

­Տեառ­նըն­դա­ռա­ջի նախատօնակի արարողութիւն Գոքինիոյ մէջ

Ուր­բաթ 13 ­Փետ­րո­ւար 2026-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 6:00-ին, ­Գո­քի­նիոյ Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ կա­տա­րո­ւե­ցաւ ­Տեառն մե­րոյ ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի տա­ճար ըն­ծայ­ման տօ­նին՝ ­Տեառ­նըն­դա­ռա­ջի նա­խա­տօ­նա­կի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ ­Ժա­մեր­գու­թեան նա­խա­գա­հեց ­Յու­նաս­տա­նի  ­Հա­յոց թե­մի  Ա­ռաջ­նորդ գերշ. Տ. ­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեան։ ­Ներ­կայ էին հայ­կա­կան վար­ժա­րա­նի ու­սուց­չու­հի­ներ, ա­շա­կերտ­ներ եւ հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դը։ ­Ժա­մեր­գու­թեան ըն­թաց­քին կա­տա­րո­ւե­ցաւ ան­դաս­տա­նը, որ­մէ ետք Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը հան­դէս ե­կաւ քա­րո­զով։

Սր­բա­զան հայ­րը յայտ­նեց, թէ ­Սի­մէոն ծե­րու­նի քա­հա­նայ մըն էր Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ եւ Աս­տու­ծոյ կող­մէ խոս­տա­ցո­ւած էր ի­րեն տես­նել Փր­կիչ ­Յի­սու­սը։ ­Միւս կող­մէ, ­Յի­սու­սի ծնող­քը՝ ­Յով­սէփ եւ ­Մա­րիամ, կա­տա­րե­լով Աս­տո­ւա­ծա­յին պա­տո­ւի­րան­նե­րը, ի­րենց անդ­րա­նիկ ա­րու զա­ւա­կը Աս­տու­ծոյ նո­ւի­րե­ցին։ Սր­բա­զան հայ­րը յա­տուկ կեր­պով գնա­հա­տեց ներ­կայ ծնող­նե­րը, ո­րոնք Աս­տու­ծոյ պա­տո­ւէ­րին ըն­դա­ռա­ջե­լով, ի­րենց զա­ւակ­նե­րը ե­կե­ղե­ցի ա­ռաջ­նոր­դե­լու պար­տա­կա­նու­թիւ­նը եւս կը կա­տա­րեն սի­րոյ ու հա­ւատ­քի զօ­րու­թեամբ։ Ա­ւար­տին Սր­բա­զան հայ­րը գնա­հա­տեց ներ­կա­նե­րը, ո­րոնք Աս­տու­ծոյ տու­նը գա­լով եւ ա­րա­րո­ղու­թեանց մաս­նա­կից դառ­նա­լով, լա­ւա­գոյն օ­րի­նա­կը կը դառ­նան ե­կե­ղե­ցիէն հե­ռու մնա­ցող­նե­րուն դի­մաց։ Ա­պա Տ. ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան, ­Սուրբ խո­րա­նին շուրջ դար­ձուց ծնող­նե­րու կող­մէ տա­ճար ըն­ծա­յո­ւած փոք­րիկ­նե­րը։ Ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին, մեր ժո­ղո­վուր­դի ա­ւան­դու­թեան հա­մա­ձայն, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը ե­կե­ղե­ցիէն կրա­կը առ­նե­լով ուղ­ղո­ւե­ցաւ բակ եւ ժո­ղո­վուր­դի ներ­կա­յու­թեան վա­ռեց խա­րոյ­կը։ ­Փոք­րիկ­նե­րը նախ եր­գե­ցին հա­յե­րէն ազ­գա­յին եր­գեր ա­պա կրա­կին շուրջ դար­ձան։ ­Ներ­կա­նե­րէն շա­տեր ալ կրա­կին վրա­յէն ցատ­կե­ցին։ Ետ­քը ե­կե­ղեց­ւոյ ­Տիկ­նանց մար­մի­նը սրա­հին մէջ կազ­մա­կեր­պեց պատ­շաճ հիւ­րա­սի­րու­թիւն մը։

ԹՂԹԱԿԻՑ