• English
  • Ελληνικά

armenianprelacy.gr

PRELACY OF THE ARMENIAN APOSTOLIC CHURCH OF GREECE

Հրաւէր Յունաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Քոնսթանթին Թասուլասի կողմէ

18 Փետրուար 2026-ին, Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ Սահակ եպս. Եմիշեան, ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութեան ատենապետ Նազար Աւագեանի, ներկայ գտնուեցաւ Յունաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Քոնսթանթին Թասուլասի կողմէ կազմակերպուած ճաշկերոյթին՝ ի պատիւ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի:

Երեկոյեան, Սրբազան Հայրը ներկայ գտնուեցաւ Տաթեւ Մնացականեանի “Աղօթք Խաղաղութեան համար” ցուցահանդեսի բացման արարողութեան, Աթէնքի Բիւզանդական թանգարանէն ներս։