armenianprelacy.gr

PRELACY OF THE ARMENIAN APOSTOLIC CHURCH OF GREECE

Ս. Գէորգ զօրավարի տօնը Տիտիմոթիքոյի մէջ

Այս տա­րի եւս մեծ շու­քով եւ ժո­ղո­վուր­դի ստո­ւար ներ­կա­յու­թեամբ նշո­ւե­ցաւ ­Տի­տի­մո­թի­քո­յի Ս. ­Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ ա­նո­ւա­նակ­կո­չու­թեան տօ­նը։
Ուր­բաթ 25, ­Շա­բաթ 26, եւ ­Կի­րա­կի 27 ­Սեպ­տեմ­բեր 2026-ին, Թ­րա­կիոյ ­Տի­տի­մո­թի­քոյ շրջա­նի ­Սուրբ ­Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ ե­կե­ղեց­ւոյ ա­նո­ւա­նա­կո­չու­թեան տօ­նը յատբւկ փայլ ստա­ցաւ թե­միս բա­րե­ջան ա­ռաջ­նորդ գերշ. Տ. ­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեա­նի ներ­կա­յու­թեամբ։
Ուր­բաթ, 25 ­Սեպ­տեմ­բե­րին Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը ժա­մա­նեց  ­Տի­տի­մո­թի­քօ, հան­դի­սա­պե­տե­լու հա­մար ե­կե­ղեց­ւոյ տօ­նախմ­բու­թեան։ ­Շա­բաթ 26 ­Սեպ­տեմ­բե­րի ա­ռա­ւօ­տեան կա­տա­րո­ւե­ցաւ ա­ղօրհ­նէք եւ ոչ­խար­նե­րու զե­նում, ա­պա ե­կե­ղեց­ւոյ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն կող­մէ սկսաւ մա­տա­ղի պատ­րաս­տու­թիւ­նը։

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՏԻՏԻՄՈԹԻՔՈՅԻ, ՕՐԵՍԹԻԱՏԱՅԻ ԵՒ
ՍՈՒՖԼԻԻ ՄԵՏՐՈՊՈԼԻՏԻՆ ՈՒ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ

­Նոյն կէ­սօր, թե­միս բա­րե­ջան Ա­ռաջ­նորդ գերշ. Տ. ­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեան, հան­դի­պում ու­նե­ցաւ ­Տի­տի­մո­թի­քո­յի, Օ­րես­թիա­տա­յի եւ ­Սուֆ­լիի ­Մետ­րո­պո­լիտ ­Տա­մաս­քի­նո­սին եւ ­Տի­տի­մո­թի­քո­յի քա­ղա­քա­պետ պրն. ­Ռո­մի­լոս ­Խա­ծիեա­նօղ­լո­ւի հետ։ Սր­բա­զան ­Հօր կ’ըն­կե­րակ­ցէին շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Դա­նիէլ քհնյ. ­Գա­լօղ­լեան եւ ­Տի­տի­մո­թի­քո­յի թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ պրն. Հ­մա­յեակ Ան­տո­նեա­ն։ ­Հան­դի­պու­մին ներ­կայ ե­ղան նաեւ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի նախ­կին ա­տե­նա­պետ պրն. ­Գէորգ ­Թո­րո­սեան եւ Ազ­գա­յին վար­չու­թեան նախ­կին ան­դամ պրն. ­Գէորգ ­Պօ­ղո­սեան։
Սր­բա­զան ­Հայ­րը քա­ղա­քա­պե­տին տե­ղե­կա­ցուց Ս. ­Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­նո­րո­գու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րու ըն­թաց­քին մա­սին, իսկ մետ­րո­պո­լի­տին հետ քննար­կեց հա­մայնք­նե­րուն մի­ջեւ գոր­ծակ­ցու­թեան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՏԻՏԻՄՕԹԻՔՈՅԻ
ՍՈՒՐԲ ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑԻ

­Հան­դի­պու­մէն ետք Սր­բա­զան ­Հայ­րը, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ շրջա­նիս հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Դա­նիէլ քհնյ. ­Գա­լօղ­լեա­նի եւ ­Տի­տի­մո­թի­քո­յի թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ պրն. Հ­մա­յեակ Ան­տո­նեա­նի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ, այ­ցե­լեց ­Տի­տի­մօ­թի­քո­յի Ս. ­Գէորգ ե­կե­ղե­ցին եւ ծա­նօ­թա­ցաւ ըն­թա­ցող վե­րա­նո­րո­գու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն։
­Յայտ­նենք, որ տա­րո­ւան սկիզ­բը, Սր­բա­զան հայ­րը՝ Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րուն հետ, ­Տի­տի­մո­թի­քո­յի մէջ հան­դի­պում ու­նե­ցած էր ­Յու­նաս­տա­նի մշա­կոյ­թի նա­խա­րար տիկ. ­Լի­նա ­Մեն­տո­նիին հետ եւ հա­մա­ձայ­նած Ս. ­Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­նո­րո­գու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն առն­չու­թեամբ՝ Մ­շա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան նիւ­թա­կան մաս­նակ­ցու­թեամբ։
­Թա­ղա­կա­նու­թեան կող­մէ ­Շա­բաթ կէ­սօ­րին, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը,  ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ շրջա­նիս հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Դա­նիէլ քհնյ. ­Գա­լօղ­լեա­նի, ճա­շի հիւ­րը ե­ղաւ ­Տի­տի­մօ­թի­քո­յի մէջ։ Ե­րե­կո­յեան ժա­մը 8:30-ին, տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­դի­պում շրջա­նի թա­ղա­յին խոր­հուր­դին հետ, ո­րուն յա­ջոր­դեց ընթ­րիք։

Ս. ԳԷՈՐԳ ԶՕՐԱՎԱՐԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ  ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ՏԻՏԻՄՈԹԻՔՈՅԻ Ս. ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Կի­րա­կի, 27 ­Սեպ­տեմ­բեր 2026-ին, ­Տի­տի­մո­թի­քո­յի Ս. ­Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ հան­դի­սա­ւո­րա­պէս նշո­ւե­ցաւ Ս. ­Գէոր­գայ զօ­րա­վա­րի տօ­նը։ ­Պա­տա­րա­գեց, յա­ւուր պատ­շա­ճի քա­րո­զեց եւ մա­տա­ղօրհ­նէ­քը կա­տա­րեց ­Թե­միս բա­րե­ջան ա­ռաջ­նորդ գերշ. Տ. ­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեան։ ­Ներ­կայ էին Ա­թէն­քէն ժա­մա­նած վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­Վի­գէն ­Չո­լա­քեան, ­Տի­տիմո­թի­քո­յի քա­ղա­քա­պե­տը, մետ­րո­պո­լի­տի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ան­դամ տիկ. ­Զա­պէլ Այ­վա­զեան, Հ.Հ. պատ­ւոյ հիւ­պա­տոս ­Սար­գիս ­Տա­կա­զեան, շրջա­նի զի­նո­ւո­րա­կան հրա­մա­նա­տա­րը, ­Տիտ­մո­թի­քո­յի եւ Օ­րես­թիա­տա­յի շրջա­նի յոյն քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­ներ ու ե­րես­փո­խան­ներ։
Ուխ­տա­ւոր­նե­րու բազ­մու­թիւ­նը հա­մալ­րո­ւած էր Ա­թէն­քէն, ­Թե­սա­ղո­նի­կէէն, Ա­րե­ւե­լեան Թ­րա­կիոյ եւ ­Մա­կե­տո­նիոյ շրջա­նէն ժա­մա­նած հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րով։
Սր­բա­զան ­Հայ­րը իր քա­րո­զին մէջ շեշ­տեց ­Վա­րա­գայ ­Սուրբ ­Խա­չի եւ Ս. ­Գէոր­գի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րէն մե­զի ե­կող պատ­գա­մին կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։ Ա) ­Հաս­տատ եւ հա­ւա­տա­րիմ մնալ մեր հա­ւատ­քին։ Ս. ­Գէորգ հա­կա­ռակ հա­լա­ծանք­նե­րուն եւ դժո­ւա­րու­թիւ­նե­րուն չու­րա­ցաւ իր հա­ւատ­քը։ Բ) Ապ­րիլ հա­ւատ­քը։ ­Միայն չխօ­սիլ եւ չմտա­ծել Աս­տու­ծոյ խօս­քին եւ քրիս­տո­նէա­կան ար­ժէք­նե­րուն մա­սին այլ ապ­րիլ զայն։ Գ) ­Գե­րա­զան­ցել մեր ան­ձե­րը։ Ս. ­Գէոր­գին կեան­քը մեզ կը յի­շեց­նէ, թէ հո­գե­ւոր ա­ճը ու­րիշ­նե­րուն հետ հա­մե­մա­տո­ւի­լը չէ, այլ Աս­տու­ծոյ օր­նու­թեամբ, ինք­նաք­ննու­թեամբ, եւ հա­ւատ­քը ապ­րե­լով ա­մէն օր քիչ մը գե­րա­զան­ցել ե­րէ­կո­ւան մեր ան­ձը։
Պա­տա­րա­գէն ետք, շրջա­նի հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը, այլ քա­ղաք­նե­րէ ժա­մա­նած ուխ­տա­ւոր­նե­րը եւ պաշ­տօ­նա­կան հիւ­րե­րը հա­մախմ­բո­ւե­ցան քա­ղա­քի ճա­շաս­րա­հի մը մէջ, ուր տե­ղի ու­նե­ցաւ պաշ­տօ­նա­կան ճաշ­կե­րոյթ եւ գոր­ծադ­րո­ւե­ցաւ լաւ կազ­մա­կեր­պո­ւած յայ­տա­գիր։
­Թրա­կիոյ հա­մայնք­նե­րու միա­ցեալ երգ­չա­խում­բը կա­տա­րե­լա­պէս մեկ­նա­բա­նեց հայ­կա­կան ժո­ղովր­դա­յին եր­գեր, ղե­կա­վա­րու­թեամբ Տ. ­Դա­նիէլ քհնյ. ­Գա­լօղ­լեա­նի։  ­Յայտ­նու­թիւն ե­ղաւ ­Տի­տի­մո­թի­քօ-Օ­րես­թիա­տա­յի նո­րա­կազմ պա­րա­խում­բի ե­լոյ­թը, ո­րուն ըն­թաց­քին մօտ 30 հայ­րե­նա­կից­ներ պա­րե­ցին հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան պա­րեր, տպա­ւո­րե­լով ներ­կա­նե­րը։ Իսկ յայ­տա­գի­րին մէջ յա­տուկ խան­դա­վա­ռու­թիւն ստեղ­ծե­ցին երգ­չու­հի­ներ ­Յաս­միկ ­Բեգ­լա­րեան եւ Հ­ռիփ­սի­մէ ­Դա­նիէ­լեան, ո­րոնց հայ­կա­կան եր­գա­ցան­կը ոտ­քի հա­նեց ժո­ղո­վուր­դը եւ ստեղ­ծեց ո­գե­ւո­րու­թեան պա­հեր։ Սր­բա­զան հայ­րը, կուռ խօս­քով մը, անդ­րա­դար­ձաւ հա­ւատ­քի ու ազ­գա­յին զգա­ցում­նե­րու ամ­րապնդ­ման մա­սին, շնոր­հա­ւո­րե­լով շրջա­նի հա­մայն­քը եւ դրո­ւա­տե­լով մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րու գո­յա­պայ­քա­րը:
Ա­րե­ւե­լեան Թ­րա­կիոյ եւ ­Մա­կե­տո­նիոյ շրջա­նի միջ­թա­ղա­յին մար­մի­նը շնոր­հա­ւո­րեց Սր­բա­զան ­Հայ­րը իր քա­հա­նա­յա­կան օծ­ման 20-ա­մեա­կին ա­ռի­թով եւ  նո­ւի­րեց ե­պիս­կո­պո­սա­կան պա­նա­կէ մը։

ԹՂԹԱԿԻՑ