Այս տարի եւս մեծ շուքով եւ ժողովուրդի ստուար ներկայութեամբ նշուեցաւ Տիտիմոթիքոյի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ անուանակկոչութեան տօնը։
Ուրբաթ 25, Շաբաթ 26, եւ Կիրակի 27 Սեպտեմբեր 2026-ին, Թրակիոյ Տիտիմոթիքոյ շրջանի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը յատբւկ փայլ ստացաւ թեմիս բարեջան առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ եպս. Եմիշեանի ներկայութեամբ։
Ուրբաթ, 25 Սեպտեմբերին Առաջնորդ Սրբազան հայրը ժամանեց Տիտիմոթիքօ, հանդիսապետելու համար եկեղեցւոյ տօնախմբութեան։ Շաբաթ 26 Սեպտեմբերի առաւօտեան կատարուեցաւ աղօրհնէք եւ ոչխարներու զենում, ապա եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն կողմէ սկսաւ մատաղի պատրաստութիւնը։
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՏԻՏԻՄՈԹԻՔՈՅԻ, ՕՐԵՍԹԻԱՏԱՅԻ ԵՒ
ՍՈՒՖԼԻԻ ՄԵՏՐՈՊՈԼԻՏԻՆ ՈՒ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ
Նոյն կէսօր, թեմիս բարեջան Առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ եպս. Եմիշեան, հանդիպում ունեցաւ Տիտիմոթիքոյի, Օրեսթիատայի եւ Սուֆլիի Մետրոպոլիտ Տամասքինոսին եւ Տիտիմոթիքոյի քաղաքապետ պրն. Ռոմիլոս Խածիեանօղլուի հետ։ Սրբազան Հօր կ’ընկերակցէին շրջանի հոգեւոր հովիւ Տ. Դանիէլ քհնյ. Գալօղլեան եւ Տիտիմոթիքոյի թաղային խորհուրդի ատենապետ պրն. Հմայեակ Անտոնեան։ Հանդիպումին ներկայ եղան նաեւ թաղային խորհուրդի նախկին ատենապետ պրն. Գէորգ Թորոսեան եւ Ազգային վարչութեան նախկին անդամ պրն. Գէորգ Պօղոսեան։
Սրբազան Հայրը քաղաքապետին տեղեկացուց Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ վերանորոգութեան աշխատանքներու ընթացքին մասին, իսկ մետրոպոլիտին հետ քննարկեց համայնքներուն միջեւ գործակցութեան հնարաւորութիւնները։
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՏԻՏԻՄՕԹԻՔՈՅԻ
ՍՈՒՐԲ ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑԻ
Հանդիպումէն ետք Սրբազան Հայրը, ընկերակցութեամբ շրջանիս հոգեւոր հովիւ Տ. Դանիէլ քհնյ. Գալօղլեանի եւ Տիտիմոթիքոյի թաղային խորհուրդի ատենապետ պրն. Հմայեակ Անտոնեանի ընկերակցութեամբ, այցելեց Տիտիմօթիքոյի Ս. Գէորգ եկեղեցին եւ ծանօթացաւ ընթացող վերանորոգութեան աշխատանքներուն։
Յայտնենք, որ տարուան սկիզբը, Սրբազան հայրը՝ Ազգային վարչութեան անդամներուն հետ, Տիտիմոթիքոյի մէջ հանդիպում ունեցած էր Յունաստանի մշակոյթի նախարար տիկ. Լինա Մենտոնիին հետ եւ համաձայնած Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ վերանորոգութեան աշխատանքներուն առնչութեամբ՝ Մշակոյթի նախարարութեան նիւթական մասնակցութեամբ։
Թաղականութեան կողմէ Շաբաթ կէսօրին, Առաջնորդ Սրբազան հայրը, ընկերակցութեամբ շրջանիս հոգեւոր հովիւ Տ. Դանիէլ քհնյ. Գալօղլեանի, ճաշի հիւրը եղաւ Տիտիմօթիքոյի մէջ։ Երեկոյեան ժամը 8:30-ին, տեղի ունեցաւ հանդիպում շրջանի թաղային խորհուրդին հետ, որուն յաջորդեց ընթրիք։
Ս. ԳԷՈՐԳ ԶՕՐԱՎԱՐԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ՏԻՏԻՄՈԹԻՔՈՅԻ Ս. ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Կիրակի, 27 Սեպտեմբեր 2026-ին, Տիտիմոթիքոյի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Ս. Գէորգայ զօրավարի տօնը։ Պատարագեց, յաւուր պատշաճի քարոզեց եւ մատաղօրհնէքը կատարեց Թեմիս բարեջան առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ եպս. Եմիշեան։ Ներկայ էին Աթէնքէն ժամանած վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան, Տիտիմոթիքոյի քաղաքապետը, մետրոպոլիտի ներկայացուցիչը, Ազգային վարչութեան անդամ տիկ. Զապէլ Այվազեան, Հ.Հ. պատւոյ հիւպատոս Սարգիս Տակազեան, շրջանի զինուորական հրամանատարը, Տիտմոթիքոյի եւ Օրեսթիատայի շրջանի յոյն քաղաքական գործիչներ ու երեսփոխաններ։
Ուխտաւորներու բազմութիւնը համալրուած էր Աթէնքէն, Թեսաղոնիկէէն, Արեւելեան Թրակիոյ եւ Մակետոնիոյ շրջանէն ժամանած հաւատացեալներով։
Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ շեշտեց Վարագայ Սուրբ Խաչի եւ Ս. Գէորգի տօնակատարութիւններէն մեզի եկող պատգամին կարեւորութիւնը։ Ա) Հաստատ եւ հաւատարիմ մնալ մեր հաւատքին։ Ս. Գէորգ հակառակ հալածանքներուն եւ դժուարութիւներուն չուրացաւ իր հաւատքը։ Բ) Ապրիլ հաւատքը։ Միայն չխօսիլ եւ չմտածել Աստուծոյ խօսքին եւ քրիստոնէական արժէքներուն մասին այլ ապրիլ զայն։ Գ) Գերազանցել մեր անձերը։ Ս. Գէորգին կեանքը մեզ կը յիշեցնէ, թէ հոգեւոր աճը ուրիշներուն հետ համեմատուիլը չէ, այլ Աստուծոյ օրնութեամբ, ինքնաքննութեամբ, եւ հաւատքը ապրելով ամէն օր քիչ մը գերազանցել երէկուան մեր անձը։
Պատարագէն ետք, շրջանի հաւատացեալները, այլ քաղաքներէ ժամանած ուխտաւորները եւ պաշտօնական հիւրերը համախմբուեցան քաղաքի ճաշասրահի մը մէջ, ուր տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ եւ գործադրուեցաւ լաւ կազմակերպուած յայտագիր։
Թրակիոյ համայնքներու միացեալ երգչախումբը կատարելապէս մեկնաբանեց հայկական ժողովրդային երգեր, ղեկավարութեամբ Տ. Դանիէլ քհնյ. Գալօղլեանի։ Յայտնութիւն եղաւ Տիտիմոթիքօ-Օրեսթիատայի նորակազմ պարախումբի ելոյթը, որուն ընթացքին մօտ 30 հայրենակիցներ պարեցին հայկական աւանդական պարեր, տպաւորելով ներկաները։ Իսկ յայտագիրին մէջ յատուկ խանդավառութիւն ստեղծեցին երգչուհիներ Յասմիկ Բեգլարեան եւ Հռիփսիմէ Դանիէլեան, որոնց հայկական երգացանկը ոտքի հանեց ժողովուրդը եւ ստեղծեց ոգեւորութեան պահեր։ Սրբազան հայրը, կուռ խօսքով մը, անդրադարձաւ հաւատքի ու ազգային զգացումներու ամրապնդման մասին, շնորհաւորելով շրջանի համայնքը եւ դրուատելով մեր հայրենակիցներու գոյապայքարը:
Արեւելեան Թրակիոյ եւ Մակետոնիոյ շրջանի միջթաղային մարմինը շնորհաւորեց Սրբազան Հայրը իր քահանայական օծման 20-ամեակին առիթով եւ նուիրեց եպիսկոպոսական պանակէ մը։
ԹՂԹԱԿԻՑ






