Յունահայոց Ազգային վարչութիւնը, Կրօնական ժողովը եւ յարակից խորհուրդները այսու իրենց ջերմ շնորհաւորութիւնները կը յայտնեն Յունաստանի հայոց թեմակալ Առաջնորդ
ԳԵՐՇ. Տ. ՍԱՀԱԿ Ս. ԵՊՍ. ԵՄԻՇԵԱՆԻՆ
վերջերս ստացած ըլլալու համար Փիլիսոփայութեան տոքթորի (Ph.D.) աստիճանի վկայականը Միացեալ Նահանգներու «Ֆորտհամ» համալսարանէն։
Կը մաղթենք Առաջնորդ Սրբազան հօր ակադեմական նորանոր նուաճումներ, առաջնորդական բեղուն տարիներ եւ քաջառողջութիւն։
ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
