Նէոս Գոզմոս-Ֆիքսի Ս. Յովհ. Կարապետ եկեղեցւոյ Տիկնանց Մարմնի հրաւէրով, եկեղեցւոյ ներքնաբաժնին մէջ զարդարուած տօնածառին լուսաւորման, աւելի քան անցած տասը տարիներու աւանդութիւն դարձած ուրախ հանդիսութիւնը, տեղի ունենցաւ Կիրակի 14 Դեկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան Ս. Պատարագէն անմիջապէս ետք:
Ներկաները միասնաբար աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած եւ ապա ջերմիկ ու հայաշունչ մթնոլորտի մէջ տօնածառի լուսաւորման ընդմէջէն, հոգեպէս պատրաստուեցան յաջորդող տօնական սուրբ օրերը դիմաւորելու համար։
Ձեռնարկը հովանաւորեցին եւ Տօնածառը լուսաւորեցին՝ տէր եւ տիկ. Րաֆֆի եւ Սիրանուշ Միքայէլեան եւ իրենց նորածին մանչ զաւակը:
Աւարտին, եկեղեցւոյս Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Նարեկ Քհնյ. Շահինեան եւ Տիկնաց Մարմնոյ կողմէ ատենապետուհի՝ տիկին Արշալոյս Նաքու-Տրդատեան իրենց բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին տօնածառը լուսաւորող հայ ընտանիքին։
Այս առիթով, Տէր Հայրը մանչին նուիրեց իր առաջին աղօթագիրքը: Նախաձեռնութեան ներկայ եղան 50-ի մօտ ծխականներ, որոնք հիւրասիրուեցան սուրճով, աղի եւ քաղցր բլիթներով:
Ամէն տարի այսպիսի օրերու արժանանք։ Վարձքը կատար բոլորին:
ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԱՐՄԻՆ



